2014-11-03 10:15:31

Մէկ Նոյեմբերը, Սրբութեան միջազգային օր` ամէնքս կանչուած են սուրբ դառնալու։


(Ռ.Վ. 3 նոյեմբեր 2014) Նոյեմբեր մէկը սրբութեան միջազգային օր է, հիմնուած Աստուծոյ ծառայ Կուլիելմօ Եագուինդայի կողմէ 1947-ին։ Միջազգային այս օրուայ կէտնպատակն է հրաւիրել մարդիկը սրբութեան` քանի ամէնքս, այր թէ կին, Հօր Աստուծոյ ստեղծագործութիւններն ենք, ուստի կանչուած ենք ըլլալու անոր զաւակները, հետեւաբար ձգտելու սրբութեան։
Մեր ժամանակակից սուրբերէն մէկը ըսած է. կամ Աստուած կը գտնենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, կամ բնաւ պիտի չգտնենք զԱյն։ Յաճախ մարդիկ կը կարծեն որ սուրբերը արտակարգ անհատներ են, այսպէս չէ, քանի սրբութիւնը չի հեռացներ մարդը աշխարհէն։ Աստուծոյ Որդին, աշխարհ եկաւ, մարդացաւ։ Ան մեր աշխարհը փնտռեց եւ մենք կանչուած ենք աշխարհի ճամբով դառնալու դէպի երկնաւոր մեր Հայրը , պատշաճօրէն ապրելով մեր առօրեայ կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.